95TH ANNIVERSARY OF THE GENOCIDE COMMEMORATED WITH
DIVINE LITURGY AND COMMUNITY GATHERINGS

In the days leading up to, and including, April 24, 2010, Armenians worldwide commemorated the 95th anniversary of the Genocide with various events including Divine Liturgy, requiem, community gatherings, and protests.

Within the Western Prelacy, joint Divine Liturgy was celebrated among the Apostolic, Catholic, and Evangelical Churches on the evening of Friday, April 23rd, 2010, at the North Hollywood Parish. H.E. Archbishop Moushegh Mardirossian, Prelate, celebrated Divine Liturgy. He was assisted at the altar by Very Rev. Fr. Muron Aznikian, Very Rev. Fr. Barthev Gulumian, and clergy members. Among those in attendance were Executive Council members and representatives of community organizations.

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՄԻԱՑԵԱԼ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՆԵՐ
Ցեղասպանութեան 95րդ տարեդարձին առիթով, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեր Թեմը եւս յիշատակի արարողութիւններով ու ոգեկոչական հաւաքներով խոնարհեցաւ մեր μիւրաւոր նահատակներուն յիշատակին առջեւ, միաժամանակ վերանորոգելով մեր նսակարկելի իրաւունքներուն պահանջատէրի կեցուածքն ու զանոնք վերականգնելու յանձնառութիւնը։

Ուրμաթ, 23 Ապրիլի երեկոյեան, Նորթ ոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ Ս. Պատարագ։ Պատարագիչն էր Թեմիս μարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան. Ս.Սեղանին սպասարկեցին Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան եւ Հոգշ. Տ. Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեան։ Ներկայ էին Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամները։ Աղօթակից եղան Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Հոգշ. Տ. Անտոն Վրդ. Սարոյեան եւ Հայ Աւետ. համայնքի հոգեւոր հովիւ Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ, կուսակցական եւ միութենական ներկայացուցիչներ եւ ւխտապահ հաւատացեալներու μազմութիւն մը։