"YEAR OF THEARMENIAN WOMAN" |
ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋԱզգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը Հինգշաբթի, 15 Ապրիլի կէսօրէն, Ազգ. Առաջնորդարանի "Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան" սրահին մէջ կազմակերպեց դասախօսական ձեռնարկ մը, որ յաջորդեց ճաշի հիւրընկալումի։ Ձեռնարկը նոյնօրինակ երկրորդ հանդիպումն էր, նուիրուած՝ "Հայ Կնոջ Տարուան", եւ կը վայելէր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ |