PRELATE CELEBRATES EASTER DIVINE LITURGY AT |
|
Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 4 Ապրիլին, Արեւմտեան մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, յիշատակելու համար Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքելութեան թագադրումը՝ մահուան վրայ անոր յաղթանակը։Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ հաւատացեալներուն ուղղեց Զատկական իր պատգամը, վեր առնելով Ս. Յարութեան տօնին բազմախորհուրդ իմաստը։ Ան յիշեց, որ Աստուած Իր Միածինը աշխարհ ղրկած էր իբրեւ արտայայտութիւն մարդուն հանդէպ իր անսահման սիրոյն, Քրիստոս զոհուեցաւ փրկելու համար մարդկութիւնը եւ հաւատացեալին շնորհելու խաղաղութիւն եւ յաղթանակ։ |
|