CLERGY CONFERENCE AND DIVINE LITURGY ON THE FEAST OF STS. GHEVONTIANK

The annual clergy conference on the occasion of Sts. Ghevontiank took place on Tuesday, February 9th, at the Prelacy “Dikran and Zarouhie Der Ghazarian” Hall, presided over by H.E. Archbishop Moushegh Mardirossian, Prelate, and with the participation of the clergy order. Former Prelate H.E. Archbishop Yeprem Tabakian also participated.

ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին, որ տօնն է նաեւ Հայ Քահանայութեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ Թեմիս միաբան հայրերուն եւ քահանայից դասուն, այս տարի հոգեւորականաց համագումարը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Փետրուար 2010-ին, Ազգ. Առաջնորդարանէ ներս։ Համագումարին հիւրաբար ներկայ էր նաեւ Ս. Աթոռոյս երէց միաբաններէն եւ Թեմիս նախկին առաջնորդներէն՝ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան։